ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմինը հիւրընկալեց ԱՄՆ դեսպան Լին Թրէյսին
Tuesday, November 26, 2019Հայաստանի մէջ ԱՄՆ դեսպան Լին Թրէյսիի նախաձեռնութեամբ, ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմնի գրասենեակին մէջ տեղի ունեցաւ հանդիպում ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմնի անդամներուն հետ:
Դեսպան Լին Թրէյսիին կ՚ուղեկցէին ՀՀ մէջ ԱՄՆ դեսպանութեան քաղաքական եւ տնտեսական բաժնի ղեկավար Ռայան Քեմբէլ, քաղաքական հարցերու մասնագէտ Լիլիթ Օհանեան:
ՀՅԴ Հայաստանի կառոյցը կը ներկայացնէին ԳՄ ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեան, ԳՄ անդամներ Արծուիկ Մինասեան, Լիլիթ Գալստեան եւ Աշոտ Սիմոնեան:
Շնորհակալութիւն յայտնելով դեսպանին՝ հանդիպման նախաձեռնութեան համար, ինչպէս նաեւ շնորհաւորելով անոր Հայաստանի մէջ ԱՄՆ դեսպանի պաշտօնը ստանձնելուն առթիւ՝ Իշխան Սաղաթէլեան ընդհանուր գիծերով ներկայացուց իշխանափոխութենէն ետք Հայաստանի մէջ ձեւաւորուած քաղաքական իրողութիւնները: Ան մասնաւորապես հնչեցուց ՀՅԴ Հայաստանի կառոյցի գնահատականներն ու շարք մը մտահոգութիւններ բարձրաձայնեց երկրին մէջ ընթացող քաղաքական գործընթացներու առնչութեամբ:
Հանդիպման մասնակից ՀՅԴ ԳՄ միւս անդամները շեշտադրեցին հանրապետութեան մէջ իրական, բովանդակային եւ համակարգուած բարեփոխումներու իրականացման անհրաժեշտութիւնը, միաժամանակ իրենց անհանգստութիւնը արտայայտեցին երկրին մէջ սահմանադրական եւ ժողովրդավարական համալսարաններուն նկատմամբ ընթացք առած անառողջ գործընթացներուն հարցով:
Դեսպան Թրէյսի իր խօսքին մէջ մասնաւորապես նշեց. «Ես արժեւորում եմ ԱՄՆ դեսպանատան երկարամեայ յարաբերութիւնները Հայաստանի քաղաքական կուսակցութիւնների, այդ թւում՝ ՀՅԴ-ի հետ: Միացեալ Նահանգները շարունակում է հաւատարիմ մնալ Հայաստանի ժողովրդավարական, տնտեսական ու սոցիալական կառավարմանն աջակցելու՝ իր յանձնառութեանը, ինչպէս դա եղել է մեր դիւանագիտական յարաբերութիւնների 27 տարիներին»:
Հանդիպման աւարտին կողմերը շփումները պարբերական դարձնելու եւ մօտեցումները միմեանց փոխանակելու անհրաժեշտութիւն յայտնեցին:
https://horizonweekly.ca/en