Սփիւռքի գործերու յանձնակատար Զարեհ Սինանեանը հանդիպած է ՀՅԴ երիտասարդական կառոյցներու պատասխանատուներու հետ
Thursday, July 25, 2019Սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատար Զարեհ Սինանեանը այսօր հանդիպած է Դաշնակցութեան երիտասարդական կառոյցներու պատասխանատուներու հետ: Հանդիպման ներկայ եղած են տարբեր երկիրներէ ՀՅԴ երիտասարդական եւ ուսանողական միութիւններու ներկայացուցիչներ, որոնք Զարեհ Սինանեանին ներկայացուցած են ՀՅԴ երիտասարդական կառոյցներու գործունէութիւնը, կատարուած աշխատանքները, նպատակներն ու խնդիրները: Այս մասին կը հաղորդէ Երկիր Մեդիան։
Մասնաւորաբար անդրադարձ կատարուած է այս օրերուն Հայաստանի մէջ միութիւններու կողմէ կազմակերպուած ամառնային դաստիարակչական ճամբարներուն: Կարեւորութեամբ նշուած են են հայրենիքի եւ Սփիւռքի մէջ ապրող երիտասարդներու միջեւ աւելի սերտ կապերու հաստատումն ու ամրապնդումը, ինչպէս նաեւ հայրենադարձութեան ուղղուած քայլերը:
https://horizonweekly.ca/en/%d5%bd%d6%83%d5%ab%d6%82%d5%bc%d6%84%d5%ab-%d5%a3%d5%b8%d6%80%d5%ae%d5%a5%d6%80%d5%b8%d6%82-%d5%b5%d5%a1%d5%b6%d5%b1%d5%b6%d5%a1%d5%af%d5%a1%d5%bf%d5%a1%d6%80-%d5%a6%d5%a1%d6%80%d5%a5%d5%b0/