Սուրբ Յակոբ Ազգային վարժարանի 45-ամեակին առթիւ տեղի ունեցած նուիրահաւաք-հեռուստամարաթոնին գոյացաւ 720 հազար տոլար
Tuesday, November 5, 2019Հայ դպրոցը հարազատ տունն է հայ երեխային եւ հայակերտման ու հայապահպանման սուրբ դարբնոցն է: Սփիւռքի տարածքին, մանաւա՛նդ, այն սոսկ կրթական կառոյց մը չէ, այլ՝ հայկական դիմագիծի պաշտպանը, սփիւռքահայուն գոյութիւնը պահպանողն ու այլասերման հոսանքներուն դէմ հայ ժողովուրդի ապագան ապահովող, հայկականութեամբ ու բարոյական արժէքներով թրծուած սերունդներու փարոսն է ան:
Այդպիսին են սփիւռքի մեր կրթական օճախները, այդպիսին է նաեւ Մոնթրէալի Սուրբ Յակոբ Ազգային վարժարանը, որ այս տարի բոլորեց իր 45-ամեակը, եւ այդ առթիւ, 3 Նոյեմբեր 2019-ին, երեկոյեան ժամը 4-6, վարժարանիս «Բաստրմաճեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ աննախընթաց նուիրահաւաք-հեռուստամարաթոնը:
հեռուստամարաթոնը ուղիղ եթերով սփռուեցաւ «Հայ Հորիզոն» հեռուստաժամի դիմատետրի եւ Youtube-ի էջերէն, հաղորդավարութեամբ հեռուստաժամի հաղորդավար Թամար Շահինեանի, որ բարի գալուստի խօսքով հանդէս գալէ ետք բեմ հրաւիրեց վարժարանիս տնօրէն Լորի Ապրաքեանը, փոխ տնօրէն Տիան Պայկընն ու վարչական բաժնի տնօրէն Տանիէլ Թրոթիէն, որոնք փոխանցեցին իրենց ուրախութիւնը նման միջոցառման մը առաջին անգամ ըլլալով կազմակերպուելուն՝ ի խնդիր վարժարանիս բարգաւաճման ու բարեզարդման:
Գանատայի Հայոց Թեմի առաջնորդ Գերշ. Տէր Բաբգէն Արք. Չարեան աղօթքով բացումը կատարեց նուիրահաւաքին, ապա փոխանցեց իր սրտի խօսքը, որուն մէջ յայտնեց, «Վարժարանս հիմնուած է ու կը գոյատեւէ շնորհիւ գաղութիս նուիրեալ զաւակներուն եւ բարերարներուն, որոնք մեզի առիթը տուած են սերունդներ դաստիարակելու եւ երաշխիքը ունենալու վաղուան առողջ ղեկավարներու ու պատասխանատուներու, որոնք ապագային ոչ միայն այս դպրոցին, այլեւ մեր եկեղեցւոյ, մեր գաղութին, մեր արժէքներուն ու մեր դատին պաշտապնները պիտի ըլլան», ապա քաջալերեց գաղութի զաւակները, որպէսզի իրենց լուման բերեն հայակերտման այս դարբնոցին գոյատեւութեան ու ծրագիրներուն:
Հեռուստամարաթոնին հանդիսավարութիւնը կատարեցին, Թամար Շահինեանի կողքին, աւարտական կարգի աշակերտներ Լորա Քէհիայեանը, Պետիկ Տէքէրմէնճեանը, Հրակ Պանքեանը եւ Քարին Մղտէսեանը: Իսկ սրահէն դուրս հեռուստամարաթոնը կը վարէր Սուրբ Յակոբ Առաջնորդանիստ Մայր եկեղեցւոյ Հոգաբարձութեան անդամ Թորոս Պապիկեան:
Միջոցառման ընթացքին իրենց սրտի խօսքերը տեսերիզով փոխանցեցին վարժարանիս նախկին տնօրէններ՝ Վանուհի Իսաջանեան, Աղաւնի Էլոյեան, Յակոբ Պուլկարեան, Վիգէն Թիւֆէնքճեան, Լենա Գատեան, նախկին փոխ տնօրէնուհի հանգուցեալ Ցոլինէ Շամլեանի դուստրը՝ Արեւիկ Աֆարեան, ինչպէս նաեւ շրջանաւարտ աշակերտներ: Խօսք առին ուսուցչական կազմէն Մհեր Գարագաշեան, Ալիք Պուլկարեան եւ Լուսին Փալանճեան, իսկ դպրոցի ծնողներէն Հրայր Քէչէճեան: Յատուկ տեսերիզներով ներկայացուեցան դպրոցի զանազան նուաճումներ, գործունէութիւններ եւ առօրեայ կեանքէն պատկերներ, արտադպրոցական միջոցառումներ, մրցոյթներու մասնակցութիւններ եւ աշակերտներուն հայաստանագնացութենէն պատկերներ:
Գեղարուեստական յայտագրով հանդէս եկաւ դպրոցի երգչախումբը, երկու երգով՝ «Հայոց լեզու» եւ «Գնդակ որոտաց», ղեկավարութեամբ տիկին Դալար Հարպոյեան Գալլօղլեանի, ապա խումբ մը աշակերտներ, ղեկավարութեամբ Վարդի Դանիէլեանի, ասմունքեցին Անդրանիկ Ծառուկեանի «Ուխտ Արարատին» բանաստեղծութիւնը:
Յաջորդաբար ներկայացուեցան չորս նոր ծրագիրներ, որոնց իրագործման նպատակաւ կայացաւ սոյն նուիրահաւաքը, որոնք են՝ ճաշասրահի նորոգութիւն, դասարաններու բարեկարգում, ստեղծագործարանի հիմնում եւ դպրոցի փակի բարենորոգում:
Մոնթրէալի Սուրբ Յակոբ Առաջնորդանիստ Մայր եկեղեցւոյ հոգեւոր տեսուչ Գերշ. Տէր Սուրէն Արք. Գաթարոյեան իր սրտի խօսքին մէջ յայտնեց. «Հայ դպրոցի ճանապարհը յաւերժութեան ճանապարհն է, հայ ժողովուրդը դէպի յաւերժութիւն առաջնորդող նուիրական ճանապարահն է, հետեւաբար, թանկագի՛ն հայորդիներ, քալեցէ՛ք այդ ճանապարհէն՝ ձեր ներդրումը բերելով մեր ժողովուրդի գոյատեւութեան սրբազան գործին»:
Աւարտին շնորհակալութեան խօսք փոխանցուեցաւ նուիրահաւաքի յանձնախումբին եւ բոլոր անոնց, որոնք նիւթապէս եւ բարոյապէս աջակցեցան սոյն միջոցառման ի կատար ածման:
Նշենք, որ վարժարանիս այս անդրանիկ հեռուստամարաթոնին, որուն մեկնարկը կատարուած էր Մայիս 9-ին նուիրահաւաքի երեկոյթով մը, հանգանակուեցաւ $720,993.11 տոլար: Տակաւին կարելի է նուիրատուութիւն կատարել առցանց՝ www.ecolesourphagop.com կայքէջէն կամ հեռաձայնելով 1-833-332-1373 (ext. 234) թիւին: Հեռուստամարաթոնը ձայնագրուեցաւ ICI հեռուստակայանին կողմէ եւ պիտի սփռուի Նոյեմբեր 17-ին, ժամը 4-6, եւ որուն ընթացքին կարելի պիտի ըլլայ ձեր նուիրատուութիւնները շարունակել:
Յառաջիկային «Հորիզոն»ի մէջ լոյս պիտի տեսնէ Մայիս 9-ին մեկնարկուած նուիրահաւաքին, վերոնշեալ հեռուստամարաթոնին եւ վերասփռուելիք հեռուստամարաթոնին իրենց սրտաբուխ նուիրատուութիւնները կատարած բոլոր նուիրատուներուն անուանացանկը:
Մոնթրէալի գաղութը, այս առթիւ, անգամ մը եւս փաստեց, որ կը հաւատայ հայ դպրոցին սրբազան առաքելութեան եւ հաւաքական ճիգերու լարումով պատրաստ է միշտ նեցուկ կանգնելու, որպէսզի մերօրեայ կեանքի այլասերիչ պայմաններուն մէջ հայ դպրոցը ըլլայ աւելի արդիւնաւոր եւ իրեն վստահուած հայ մարդու պատրաստութեան դժուարին առաքելութիւնը տանի աւելի մեծ վստահութեամբ եւ հաստատակամ քայլերով:
Բարի երթ եւ կանաչ ճանապարհ հայակերտման այս սո՛ւրբ դարբնոցին:
https://horizonweekly.ca/en/%d5%bd%d5%b8%d6%82%d6%80%d5%a2-%d5%b5%d5%a1%d5%af%d5%b8%d5%a2-%d5%a1%d5%a6%d5%a3%d5%a1%d5%b5%d5%ab%d5%b6-%d5%be%d5%a1%d6%80%d5%aa%d5%a1%d6%80%d5%a1%d5%b6%d5%ab-45-%d5%a1%d5%b4%d5%a5%d5%a1%d5%af%d5%ab/