Գանատահայ բարեսիրական հիմանդրամը կը հովանաւորէ Շուշի հաստատուող Հինգ հայրենադարձ ընտանիքի 5 տարուան վարձակալութեան ծախսը
Wednesday, August 21, 2019Գանատահայ Հրաչ Ճապրայեան կը հաստատէ Շուշիի վերաբնակեցման նպաստելու հիմնադրամ
– Հիմնադրամի ղեկավարութիւնը կը վստահուի Հայրենադարձներու Խորհրդատուութեան Գրասենեակին
Թորոնթոյէն Հրաչ Ճապրայեան, որ 2011-էն մինչեւ 2016 վարած է Կապանի Ոսկիի հանքի տնօրէնի պաշտօնը, իսկ այժմ աշխատանքային այլ նախաձեռնութիւններու դիմած է Հայաստանի մէջ, հիմը դրած է «Նարէ, Մանէ եւ Մոնթէ-Դրօ Ճապրայեաններ» հիմնադրամին, որուն ղեկավարութիւնը վստահած է Հայրենադարձութեան Խորհրդատուութեան Գրասենեակին։ Այս ֆոնտի նպատակն է հայրենադարձ հինգ ընտանիքի, որոնք որոշած են հաստատուիլ Շուշի, տրամադրել տան վարձակալութեան ծախսը` հինգ տարուան համար։
«Նախապայմանը այն է, որ ամբողջ ընտանիքը հաստատուի Շուշի եւ կա՛մ գործ ստեղծէ Շուշիի, Ստեփանակերտի կամ Արցախի մէկ այլ քաղաքի մէջ, կամ աշխատանք գտնէ Արցախի մէջ ու ընտանիքը ապրի Շուշի բնակող բոլոր ընտանիքներու բնականոն կեանքով. դպրոց, աշխատանք, առողջապահութիւն, մշակութային կեանք, տուրքերու վճարում եւայլն»,- նշեց Հրաչ Ճապրայեանը։ «ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմնին կողմէ հաստատուած Հայրենադարձներու Խորհրդատուութեան Գրասենեակը պիտի զբաղի այս ծրագրի գործնական մանրամասնութիւններով»,- եզրափակեց ան։
«Զգացուած ենք մեր յանձնախումբին ու գրասենեակին հանդէպ ընկեր Հրաչի վստահութենէն։ Կասկած չունինք, որ շուտով արտերկրէն մեծ թիւով հայ ընտանիքներ պիտի դիմեն մեզի որպէսզի միանան Շուշի ապրող մեր հայրենակիցներուն, ինչպէս որ արդէն ըրաւ Կիւրիւնեաններու ընտանիքը որպէս այս ֆոնտի առաջին շահառու»,- ընդգծեց Հայրենադարձներու Խորհրդատուութեան Գրասենեակի վարիչ Արազ Գայմաքամեանը։
Շուշի հաստատուիլ փափաքող ընտանիքները կրնան Հայրենադարձներու Խորհրդատուութեան Գրասենեակին դիմել գրելով hayrenatarts@gmail.com հասցէին պայմաններուն ծանօթանալու համար։
https://horizonweekly.ca/en/գանատահայ-բարեսիրական-հիմանդրամը-կը/